Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնը Ունեցաւ Իր Նոր Կայքէջը

This post was originally published on this site

Ար­դիա­կա­նու­թեան եւ ար­հես­տա­գի­տա­կան նո­րա­րա­րու­թեան ըն­ձե­ռած հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը քարոզչական լաւ գոր­ծիք մըն են: Հպարտութեամբ եւ գոհունակութեանբ կը յայտնենք, որԹորոնթոյի Հայ Կեդրոնը օժտուած է նոր կայքէջով՝ www.acctoronto.ca:

Կաքէջը երկլեզու է: Կ’ընդգրկէ ծաւալուն տեղեկութիւններ Թորոնթոհայ Գաղութի կազմութեան, Հայ Կեդրոնի պատմութեան եւ աշխատանքներուն մասին:

Մեր այ­ցե­լու­նե­րուն հա­մար շատ դիւրին եւ հե­տաքրք­րա­կան ձեւով տեղադրուած են բոլոր տուեալ­ները։Կայքէ­ջի այցելուները պիտի տեսնեն 6 ենթաբաժանումներ՝ Մեր Մասին, Օրացոյց, Միութիւններ, Կազմակերպութիւններ, Լուրեր եւ Կապ:

Մեր Մասին բաժինով, այցելողը պիտի ծանօթանայ Թորոնթոհայ գաղութին եւ Հայ Կեդրոնին: Օրացոյց բաժինին մէջ, այցելողը պիտի գտնէ կեդրոնէն ներս տեղի ունեցող բոլոր ձեռնարկներու մանրամասնութիւնները: Միութիւններ եւԿազմակերպութիւնները մանրամասնօրէն կը ներկայացնեն Հայ Կեդրոնի յարկին տակ գործող միութիւններուն, վարժարանին, եկեղեցւոյ եւ մամուլի հաստատութիւններուն մասին ծանօթացում, աշխատելադաշտեր, ենթայանձնախումբեր, վարչական կազմեր եւ ընկերային ցանցերու եւ ելեկտրոնային հասցէներ: Լուրերը կը տեղեկացնեն հայրենի եւ տեղական քաքական, ընկերային եւ մշակութային վերջին իրադարձութիւնները եւ վերջապէս Կապով կրնաք կապ հաստատել կեդրոնիս տարբեր բաժանմունքներուն հետ եւ արձանագրուիլ ամսական լրատուին:

Գաղութ-Կեդրոն կա­պը պահ­պա­նե­լու ե­լեկտ­րո­նա­յին այս ձե­ւը՝ լաւ ու խոստմ­նա­լից սկիզբ մը կը նկա­տենք, ո­րու զար­գաց­ման վրայ ան­շուշտ յա­ւե­լեալ ճի­գեր պի­տի գոր­ծադ­րենք։