ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւն

“Ռոստոմ” Եւ “Գրիստափոր” Մասնաճիւղեր

Մեր Մասին

ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւնը (ԳՊՄ) կը հանդիսանայ Գանատահայ պատանին կազմակերպող գլխաւոր ուժը, զանոնք զինելով հայեցի դաստիարակութեամբ եւ ազգային արժէքներով:

Այս միութիւններուն մէջ, հայ պատանին կը վարժուի յարգել ընկերներուն կարծիքը, արտայայտել նաեւ սեփական միտքեր, ենթարկուիլ կարգապահութեան եւ կազմակերպել ու գործել հաւաքաբար։ Ասոնց կողքին, անոնք կը տոգորուին ազգային գիտակցութեամբ, կը դառնան մարդու եւ հայու իրաւունքներուն քաջածանօթ, եւ այսպէս կը մշակուի հաւաքականութեան ծառայելու իր տրամադրութիւնը։ Պատանիները կը սորվին, որ մաս կը կազմեն իրենց նմաններէ բաղկացած, բայց ընդհանրական նպատակներ հետապնդող մարդոց խումբի մը, ժողովուրդի մը, ազգի մը։

Պատանեկան «Ռոստոմ» (7-12 տարեկան) եւ «Քրիստափոր» (12-16 տարեկան) միութիւններու հաւաք-ժողովները տեղի կ’ունենան ուրբաթ օրերը: Այս ժողովներու ընթացքին, անոնք կը ծանօթանան մեր պատմութեան, կը սորվին ու կ’երգեն ազգային-յեղափոխական երգեր, կը դիտեն դաստիարակչական տեսերիզներ եւ կը խաղան դաստիարակչական խաղեր: Կը կազմակերպեն ընկերային եւ քարոզչական տարբեր ձեռնարկներ ու պտոյտներ: Կը մասնակցին տարեկան երկու բանակումներու եւ երկամեայ դրութեամբ՝ Հայաստանագնացութեան:

Վարիչներ
2018-2019

Ռաֆֆի Հասըրճեան
“Քրիստափոր” Վարիչ
Սարգիս Գըլըպոզեան
“Քրիստափոր” Վարիչ
Ալէքս Թիւթիւնճեան
“Քրիստափոր” Վարիչ
Վաչէ Այվազեան
“Ռոստոմ” Վարիչ
Սերուժ Եագուպեան
“Ռոստոմ” Վարիչ
Ալիք Պարսամեան
“Ռոստոմ” Վարիչ

Յանձնախումբեր եւ ձեռնարկներ


Ամէն աշնան եւ գարնան, Գանատայի պատանիները կը մասնակցին Համագանատական Սեմինարի, Camp Christie Lake բանակավայրին մէջ: Այս բանակում-սեմինարները իւրայատուկ հնարաւորութիւն կը ստեղծեն պատանիներուն, իրենց հանգիստ ապրելակերպը մէկ շաբաթավերջի համար մէկ կողմ դնելու եւ վայելելու հաճելի փորձառութիւն մը բնութեան մէջ, ապահով, դաստիարակչական, արկածախնդրական բայց զուարճալի եւ հետաքրքրական միջավայրի մէջ:

Բանակում-սեմինարները հնարաւորութիւն կու տան հետազօտութիւններու, ստեղծագործութեան եւ անհատական զարգացումի: Շնորհիւ նուիրեալ վարիչներուն, խորհրդատուներուն եւ կազմակերպչական մարմինի ծանր աշխատանքներուն, տարեկան բանակում- սեմինարները կը ստեղծեն եզակի մթնոլորտ մը, ուր գիտելիքներն ու խաղերը կը միաձուլուին: Վարիչները, հիւր-դասախօսները մարզիչները իրենց գիտելիքներով կը հարստացնեն մատղաշ սերունդի միտքն ու հոգին՝ աւանդելով ինքնապաշտպանութիւն, Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի աշխատանքներ, Հայ Դատ եւ Պատմութիւն, ընկերային ցանցերու անվտանգ օգտագործում եւ քարոզչական աշխատանք եւ բազմաթիւ այլ ժամանակակից նիւթեր:

Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու Ընդհանուր Վարիչ Մարմինը երկամեայ դրութեամբ կը կազմակերպէ այցելութիւն դէպի Հայաստան եւ Արցախ: Այս զբօսաշրջական-դաստիարակչական ծրագիրը առիթը կ’ընծայէ պատանիներուն իրենց աչքերով տեսնելու համար պատմութեան մէջ սորված վայրերը եւ սերտ կապեր հաստատելու համար հայաստանաբնակ ու արցախաբնակ պատանիներուն հետ: Կը ծանօթանան հայրենիքին, հողին հետ կապ կը ստեղծեն եւ տարեկից դաշնակցական պատանիներու հետ բարեկամութիւն կը հաստատեն: