ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարան

Մեր Մասին

Գերազանց Ուսում
Հայեցի Դաստիարակութիւն
Տիպար Նկարագիր

«Հայ աշակերտը Հայօրէն կը մեծնայ միայն Հայ Դպրոցին մէջ» նշանաբանէն մեկնած, 1979 թուականին, Հայ Կեդրոնի երդիքին տակ, հիմը կը դրուի ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանին՝ մանկապարտէզի երեք եւ նախակրթարանի երկու կարգերով: Ապա, տարուէ տարի, բարերարներու եւ պատասխանատուներու ճիգերով եւ ծնողներու զոհողութեամբ, նոր կարգեր կ’աւելնան եւ վարժարանը կը դառնայ երկրորդական՝ կրելով ՀՕՄի Պապայեան Մանկապարտէզ, Գոլոլեան Նախակրթարան եւ Երկրորդական Վարժարան անունը: 2013 թուականին կ’աւելնայ մանկամսուրի բաժինը՝ 18 ամսականէն 3 տարեկան երեխաներու համար:

Վարժարանէն ներս, հայ աշակերտը կը հետեւի Օնթարիոյի պետական ուսումնական ծրագիրին: Սակայն վարժարանի սրբազան նպատակն է ջամբել հայեցի դաստիարակութիւն, առանց որուն կը կորսուի հայկական նկարագիրն ու ինքնութիւնը: Վարժարանի ուոսումնական ծրագիրը, ակադեմականին հետ զուգընթաց, զարկ կու տայ ընկերային, մարզական եւ գիտական նորարութիւններուն:

Վարժարանը, ներկայիս, Թորոնթոյի հայկական միակ ամէնօրեայ վարժարանն է, 600 աշակերտներով եւ 570 շրջանաւարտներով: Վերջիններուն զաւակները արդէն հասած են դպրոցական տարիք եւ կը յաճախեն ՀՕՄի Պապայեան Մանկապարտէզ, Գոլոլեան Նախակրթարան եւ Երկրորդական Վարժարան: Շրջանաւարտ աշակերտներ նաեւ մաս կը կազմեն վարժարանի ուսուցչական կազմին, տնօրէնութեան, կրթական մարմինին եւ տարեկան հանգանակային արշաւի յանձնախումբին:

Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար, այցելել www.arsdayschool.ca կայքէջը:

Կրթական Մարմին
2018-2019

Վազրիկ Շարապխանեան
Ատենապետ
Ժիւլիէթ Ճանպազեան
Ատենաադպիր
Մելանի Ակոբեան
Գանձապահ
Յովիկ Չամիչեան
Հաշուապահ
Ռաֆֆի Չարշաֆեան
խորհրդական
Ալֆրէտ Պօղոսեան
խորհրդական
Յասմիկ Շահինեան
խորհրդական
Թալին Մուշեան
խորհրդական
Հուրի Շիթիլեան
խորհրդական


ՀՕՄի «Ռուբինա» Մանկամսուրը կը մատուցէ Օմթարիոյի Կրթական Նախարարութեան չափանիշներուն համապատասխանող ուսումնական ծրագիր, ամբողջութեամբ Հայերէն լեզուով: Ծրագիրը մշակուած է այնպէս որ երեխաները սոովին խաղերու ընդմէջէն: Խաղալը հնարաւորութիւն կ’ընծայէ փորձարկելու, հետախուզելու, յայտնաբերելու եւ խնդիրներ լուծելու: Խաղի ժամանակ, երեխաները առիթը կ’ունենան խօսելու, լսելու եւ ուսումնասիրելու հայոց լեզուն:

Մանկամսուր կ’ընդունուի 18 ամսականէն 3 տարեկան երեխաներ:

ՀՕՄի «Պապայեան» մանկապարտէզը կը բաղկանայ Կոկոն (4 տարեկան) եւ Ծաղիկ (5 տարեկան) կարգերէն: Աշակերտները կ’ուսումնասիրեն հայերէն եւ անգլերէն գրագիտութիւնն ու թուագիտութիւնը: Կը սկսին ֆրանսերէն սորվիլ Ծաղիկ դասարանին: Իւրաքանչիւր լեզուի տրամադրուած է կէս դպրոցական օր: Ծրագրաւորումը հնարաւորութիւն կու տայ աշակերտներուն զարգացնելու իրենց ընկերային, լեզուական, գիտական եւ  թուաբանական հմտութիւններն ու քննադատական ​​մտածելակերպը՝ Օնթարիոյի Կրթական Նախարարութեան մանկապարտէզի ուսումնական ծրագիրի հիման վրայ:

ՀՕՄի «Գոլոլեան» նախակրթարանը կ’ընդգրկէ առաջինէն ութերորդ կարգերը: Դպրոցը կը դասաւանդէ Օնթարիոյի Կրթական Նախարարութեան ուսումնական ծրագիրները, ինչպէս նաեւ հայոց լեզուի, պատմութեան, գիտութեան, կրօնի, թատրոնի եւ եւ երաժշտութեան դասընթացքներ: ֆրանսերէնի հիմնական ծրագիրը կը սկսի առաջին կարգէն, շաբաթը երեք-չորս պահ յաճախականութեամբ:

Իւրաքանչիւր աշնան, 7րդ եւ 8րդ կարգի աշակերտները կը մասնակցին Cedar Ridge բանակավայրէն ներս քառօրեայ բանակումի, զարգացնելու համար իրենց ֆիզիքական, մտային, ընկերային եւ ղեկավարական հմտութիւնները:

«Գոլոլեան» նախակրթարանը ունի երկու երգչախումբեր՝ «Գանձասարի Սոխակներ» (1-3րդ կարգեր) եւ «Կռունկներ» (4-8րդ կարգեր) եւ նուագախումբ, որուն մաս կը կազմեն նաեւ երկրորդական վարժարանի աշակերտներ:

3րդ կարգէն սկսեալ, աշակերտները կը մասնակցին մարզական մրցաշարքերու:

ՀՕՄի «Լափոյեան» Երկրորդական Վարժարանը իր դռները բացած է 2001ին իբր ՀՕՄի Երկրորդական Վարժարան: 2016ին, անուանուած է ՀՕՄի «Լափոյեան» Երկրորդական Վարժարան: Ունի Օնթարիոյի Կրթական Նախարարութեան վարկանիշ շնորհելու լիազօրութիւնը եւ շրջանաւարտնհերը կը ստանան Օնթարիոյի Երկրորդական Վարժարանի վկայական: Աշակերտները կը հետեւին այլազան դասընթացքներու, ընտրովի՝ իրենց մտադրած համալսարանական մասնագիտութեան հիման վրայ: Հայ Գրականութիւնը, Հայ Դատը եւ Ցեղասպանութեան Կրթութիւնը պարտադիր դասընթացքներ են:

Աշակերտները առիթը ունին մասնակցելու արտադասարանային աշխատանքներու՝ ակումբներու եւ գործունէութիւններու միջոցով, ինչպէս՝ աշակերտական խորհուրդը եւ «Արձագանգը» ամսաթերթը:

Հզօր մարզական ծրագիրով օժտուած, աշակերտները հնարաւորութիւն ունին մասնակցելու այլազան մրցաշարքներու եւ զարգացնելու իրենց խմբային եւ ղեկավարական հմտութիւնները:

«Լափոյեան» վարժարանի աշակերտները ունին իւրայատուկ հնարաւորութիւն՝ մասնակցելու երկու փորձառական-ուսումնական ճամբորդութիւններու:

Տասերորդ կարգի աշակերտները կ’ուղեւորուին դէպի Հայաստան եւ Արցախ ուր առիթը կ’ունենան այցելելու պատմական թանգարաններ, գրագէտներու տուն-թանգարաններ, պատմական վայրեր, եկեղեցիներ եւ յուշակոթողներ: Աշակերտները առիթը կ’ունենան նաեւ հանդիպելու իրենց տարեկից դպրոցականներու հետ եւ լսելու օգտաշատ դասախօսութիւններ:

Տասնմէկերորդ կարգի աշակերտները Օգոստոսին կը մեկնին Վենետիկ, Իտալիա, մասնակցելու Ca’ Foscari համալսարանի Հայագիտական դասընթացքներուն: Դասախօսները Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն մասնագէտներ են: Արուեստը հայ եւ իտալական մշակոյթներու անբաժանելի մէկ մասն է: Վենետիկի մէջ, աշակերտները առիթը կ’ունենան ըմբոշխնելու իւրայատուկ եւ շքեղ քաղաքին գեղարուեստական ​​եւ մշակութային ժառանգութիւնը եւ սորվեու Վենետիկի երբեմնի Հայ Գաղութին մասին: Աշակերները կ’այցելեն նաեւ Վենետիկի, Բիզայի, Ֆլորանսի եւ Վերոնայի պատմական վայրերն ու թանգարաններն ու ցուցասրահները: Յատուկ այցելութիւն է նաեւ Սուրբ Ղազար Մխիթարեան Միաբանութեան վանքը: