Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւն

“Գլաձոր” Մասնաճիւղ

Մեր Մասին

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան («Համազգային») Թորոնթոյի մասնաճիւղը հիմնուած է 1969ին, եւ նոյն տարուան դեկտեմբերին կազմակերպած է առաջին ձեռնարկը՝ նուիրուած Կոմիտաս Վարդապետին: Հիմնադիր անդամներն էին Աբգար Միրաքեանը, Շուշիկ Պօյաճեանը, Ժիրայր Յովհաննէսեանը, Վահէ Մարտիրոսեանը եւ հանգուցեալ Ներսէս Կէտիկեանը: Համազգայինի Թորոնթոյի մասնաճիւղը, որ հետագային պսակուեցաւ «Գլաձոր» անունով, իր հիմնադրութենէն ի վեր աշխուժ ներկայութիւն է Թորոնթոհայ գաղութէն ներս, իր շուրջ 200 կամաւորներով եւ անդամներով: Համազգայինի առաքելութեան համաձայն, Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղն ալ կը պահպանէ եւ կը տարածէ Հայ Մշակոյթը եւ կը յայտնաբերէ տաղանդներ, արուեստի բոլոր բնագաւառներէն ներս: «Գլաձոր» մասնաճիւղը կը հովանաւորէ Համազգայինի Պարարուեստի Ուսումնարանը, «Էրէբունի» Պարախումբը, «Ժորժ Սարգիսեան» Թատերախումբը, «Դէմ-Դիմակ» Թատերական Յանձնախումբը, «Արշիլ Կորքի» Կերպարուեստի Դպրոցը, «Գուսան» եւ «Հայ Աստղեր» Երգչախումբերը, «Նուռ» ֆիլմի Փառատօնը, Գրական Խմբակը եւ «Յարութիւն Մանուկեան» Գրադարանը եւ Գրատարածը: Ամբողջ տարուան վրայ երկարող շաբաթական գործունէութիւններով եւ մշակութային ձեռնարկներով, որոնք կ'ընդգրկեն Հիւսիսային Ամերիկայէն, Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն եւ Հայաստանէն արուեստագէտներու եւ խումբերու ելոյթներ, Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղը կը հանդիսանայ Թորոնթոհայ գաղութի մշակութային աշխուժ բոյնը: Հակառակ իր բազմազբաղ ժամանակացոյցին, մշակութային ծրագիրներու միջոցով, մասնաճիւղը կը նպաստէ նաեւ գաղութիս տարբեր նախաձեռնութիւններու յաջողութեան:

Վարչութիւն
2021-2022

Ալինա Աւատիսեան
Ատենապետ
Գառնիկ Հասըրճեան
Փոխ-ատենապետ
Լեւոն Տանայեան
Ատենադպիր
Յարութ Տոնոյեան
Հաշուապահ
Լիզէթ Սաաթճեան
գանձապահ
Մակի Սուլեան
Խորհրդական
Արշօ Զաքարեան
Խորհրդական

Յանձնախումբեր եւ ձեռնարկներ


Համազգայինի Պարարուեստի Ուսումնարանը հիմնուած է 2005 թուականին` նպատակ ունենալով ժողովրդային պարարուեստը ուսուցանել hայ երիտասարդին եւ պատրաստել ապագայ պարողներ, որոնք պիտի միանան Համազգայինի «Էրէբունի» պարախումբին: Իւրաքանչիւր տարի կ’ընդունուին աւելի քան 100 ուսանողներ` 6 տարեկանէն սկսեալ: Շաբաթական փորձերուն ու տքնաջան աշխատանքին իբր արդիւնք, ուսանողները տարեկան ելոյթով հանդէս կու գան, հանդիսատեսին հրամցնելով յիշարժան ներկայացումներ:

«Էրէբունի» պարախումբին կ’անդամակցին 16 տարեկանէն սկսեալ երիտասարդներ, որոնք ստացած են նախապատրաստական դասընթացքներ, եւ հետեւաբար ունին անհրաժեշտ փորձառութիւնը՝ հայ ժողովրդական պարեր կատարելու: «Էրէբունի»ն մօտ 40 տարուան պատմութիւն ունի. պարուսոյցներ՝ Ճօ Աւագեանը եւ Արսէն Աւետիսեանը, գեղարուեստական ղեկավար՝ Սերգէյ Պետրոսեանը, մեծ դեր խաղցած են պարախումբի յաջողութեան մէջ, որ վերջին վեց տարիներուն կը վերագրուի տաղանդաւոր պարուսոյց եւ գեղարուեստական ղեկավար՝ Լոռի Նաճարեանին:

«Էրէբունի»ն հանդէս եկած է Թորոնթոյի, Մոնթրէալի, Գէմպրիճի, Համիլթընի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Վրաստանի տարբեր քաղաքներու մէջ: Տարուան ընթացքին, պարախումբը կը մասնակցի մշակութային եւ ազգային տարբեր ձեռնարկներու: 2012ին, Երեւանի մէջ, մասնակցած է «Իմ Հայաստան» երկամեայ փառատօնին, որ աշխարհի տարածքին բոլոր խումբերու եւ համոյթներու մասնակցութեան հնարաւորութիւն կու տայ: Իր տարեկան ելոյթէն անկախ, ակնյայտ է նաեւ անոր մասնակցութիւնը Արա Գէորգեանի նուագահանդէսին՝ Roy Thomson Hallի մէջ եւ կարճ ելոյթը՝ Air Canada Centreի մէջ:

Լոռի Նաճարեանի Հայաստան տեղափոխուելէ ետք, փետրուար 2017էն ի վեր, պարոսոյցներն ու գեղարուեստական ղեկավարներն են Արեւիկ Մարտիրոսեանը եւ Արման Աւոեանը: Արեւիկն ու Արմանը եկած են Երեւանէն: Ունին աւելի քան քսան տարուան փորձառութիւն եւ միասին շրջած են տարբեր երկիրներ, որպէս առասպելական Բերդ Պարի գլխաւոր պարողներ:

1981 թուականին հիմնադրուած՝ Մայսթրօ Էտիկ Յոսէփեանի ղեկավարութեամբ, «Գուսան» երգչախումբը շուտով դարձաւ թորոնթոհայ գաղութի զարդերէն մէկը: Աւելի քան 100 անդամներէ կազմուած «Գուսան»ը շրջած է Հիւսիսային Ամերիկայի տարբեր քաղաքներ: Շուրջ 17 տարուան նուիրեալ ղեկավարութենէ ետք, Մայսթրօ Էտիկ Յոսէփեան հանգստեան կը կոչուի եւ «Գուսան»ը դադրի որոշ ժամանակ մը:

Մայսթրօ Հռիփսիմէ Թովմասեանի ղեկավարութեամբ, «Գուսան»ը կը վերականգնի եւ կը դառնայ թորոնթոհայ մշակութային կեանքի այլազան ձեռնարկներու գործօն բաղադրիչը: Իւրաքանչիւր աշնան, ան 60 անդամներով կու տայ տարեկան համերգ, որու ծրագիրին մաս կը կազմեն հայկական դասական, ժողովրդային եւ ազգային երգեր: Ուշագրաւ է դաշնակահար Վանիկ Յովհաննէսեանի տասնամեակներու ներդրումը:
Հռիփսիմէ Թովմասեանի ղեկավարութեամբ, կը ստեղծուի նաեւ «Հայ Աստղեր» մանկապատանեկան երգչախումբը, որ կը բաղկանայ 4 տարեկանէն սկսեալ երեխաներէ: Երգչախումբը ունի մօտ 50 անդամ: Բաժնուած է երեք խումբերու` տարիքային համեմատութեամբ: Անդամները կը սորվին երգել եւ ամրապնդել իրենց ձայնային ունակութիւնները: Ծրագիրը կը ներառէ տարբեր աստիճանի դժուարութեամբ դասական, ժողովրդային եւ ազգային երգեր: Փորձերը տեղի կ’ունենան շաբաթական դրութեամբ: Տարեկան համերգը տեղի կ’ունեանայ ամրան:

Համազգայինի «Յարութիւն Մանուկեան» գրադարանը թորոնթոհայ գաղութին կը ծառայէ աւելի քան 40 տարիներէ ի վեր: Ունի աւելի քան 3000 գիրքեր եւ պարբերականներ` հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով, ինչպէս նաեւ CDներ, DVDներ եւ յուշանուէրներ: Գրադարանը կը հանդիսանայ նոր հրատարակուած գիրքեր հայթայթողը` Թորոնթոյի հանրային գրադարանին:

Գրադարանը կը գտնուի Հայ Կեդրոնէն ներս եւ բաց է հանրութեան, ամէն ուրբաթ (կ.ե. ժամը 8-11) եւ կիրակի օրերեը (կ.ա.11 – կ.ե. 2):

Գրադարան-գրատարած յանձնախումբը կը կազմակերպէ նոր հրատարակուած գիրքերու ներկայացումներ եւ գինեձօններ, գրադարանէն ներս, եւ այսպիսով, հանրութեան կը ներկայացնէ նոր գիրքեր եւ հեղինակներ:

Համազգայինի «Նուռ» ֆիլմի փառատօնը, հիմնադրութենէն ի վեր, դարձած է գերակնկալելի եւ հրապուրիչ ձեռնարկ մը Թորոնթոյի մէջ: Անոր առաքելութիւնն է նպաստել Հայաստանի եւ հայերու մասին, ինչպէս նաեւ հայ անհատներու բեմադրած կամ արտադրած ֆիլմերու:

POMը, ինչպէս ծանօթ է այդպիսով, ամէն տարի կը ներգրաւէ աւելի քան 2000 հանդիսատես, որոնցմէ մաս մը տարբեր քաղաքներէ Թորոնթօ կը ժամանեն այս առիթով:

Երեքէն չորս օրերու ընթացքին, կը ցուցադրուին աւելի քան 35 ֆիլմեր: Ցուցադրութիւններու կողքին, իր բնոյթով շատ իւրայատուկ տարեկան Կալան շատերը կը գրաւէ, աշխարհի տարբեր անկիւններէ ժամանած բեմադրիչներու, արտադրիչներու, դերասաններու, հեղինակներու հետ ծանօթանալու եւ զրուցելու կատարեալ հնարաւորութիւն ընծայելուն համար: Փառատօնին միշտ ներկայ են Աթոմ Էկոեանը եւ Արսինէ Խանճեանը: Փառատօնի առաջին օրէն ի վեր, իր շարունակական աջակցութիւնը կը բերէ Գանատայի Ազգային Ֆիլմերու Յանձնաժողովի անդամ, արտադրիչ՝ Սիլվա Պասմաճեանը, այլ անուններու շարքին POMի դատական կազմին իր երկարամեայ անդամակցութեամբ:

Ֆիլմերու ցանկը կ’ընդգրկէ Գանատայի premierներ, Հիւսիսային Ամերիկայի premierներ եւ մրցանակակիր ֆիլմեր: Փառատօնի ծիրէն ներս, POM Grantը կը տրամադրուի խոստմնալից արուեստագէտի մը: Փառատօնը սովորաբար տեղի կ’ունենայ «Համազգային» թատերասրահին մէջ. քանի մը ֆիլմեր կը ցուցադրուին քաղաքի տարբեր թատերասրահներուն մէջ: Յանձնախումբը տքնաջան աշխատանք կը տանի անմոռանալի փառատօն մը կազմակերպելու համար: Յաւելեալ տեղեկութիւններ կարելի է գտնել այցելելով POMի կայքէջը՝ www.pomegranatefilmfestival.com

Թատրոնը Թորոնթոյի Համազգայինի անբաժան մէկ մասը կը հանդիսանայ: Թատերախաղերով ելոյթ կ’ունենայ «Ժորժ Սարգիսեան» թատերախումբը: Բազմաթիւ բեմադրիչներ նպաստած են թատերախումբի յաջողութեան՝ Սուրէն Չէքիճեան, Ժիրայր Ինճէեան, Մովսէս Աշըգեան, Արշօ Պօյաճեան-Սոլակեան, Լեւոն Խանկալդեան: Դասական եւ ժամանակակից կտորներ բեմադրուած են Թորոնթոյի եւ շրջակայ քաղաքներուն մէջ տարիներ շարունակ, այսպէս թատրոնը դարձնելով Թորոնթոյի հայկական մշակութային կեանքի հերթական մասը, տասամեակներէ ի վեր:

2012ին կը ստեղծուի «Դէմ-Դիմակ» Թատերական Յանձնախումբը` օգնելու համար վերականգնելու թատրոնը՝ խրախուսելով երիտասարդներն ու դերասանները միանալու թատերախումբին: Կազմուած է գործունեայ երիտասարդներէ, որոնք սիրով կապուած են թատրոնին: «Դէմ-Դիմակ» թատերական յանձնախումբը կը ներկայացնէ եւ կը հիւրընկալէ նաեւ այլազան թատերախաղեր ու երաժշտական խումբեր, «Համազգային» թատերասրահէն ներս:

Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցած ելոյթներէն ետք, «Դէմ-Դիմակ»ը փնտռտուքի մէջ է տաղանդաւոր բեմադրիչի մը, որ պիտի կարենայ առաջնորդել «Ժորժ Սարգիսեան» թատերախումբը դէպի բեղուն ապագայ:

Գրական ձեռնարկները տեղի կ’ունենան թորոնթոհայ գաղութի նուիրեալ մասնիկի մը ճիգերուն շնորհիւ, որ կը յաջողի Հայ լեզուի եւ գրականութեան ջահը վառ պահել չորս տասնամեակներէ ի վեր: Գրական շատ դէմքեր անցած են «Գլաձոր»էն, որոնց շարքին Արամ Հայկազը, Յակոբ Կարապենցը, Վահէ Օշականը: Գրական յանձնախումբը հետեւողական դրութեամբ հանդիպումներ կը կազմակերպէ, ներկայացնելով Հայ գրականութեան փայլուն դէմքերը ինչպիսին են Մուշեղ Իշխանը, Սիլվա Կապուտիկեանը, Եղիշէ Չարենցը, Ուիլիամ Սարոյեանը, Արամ Հայկազը, Վահէ Օշականը, Պարոյր Սեւակը…: Ասոնց կողքին, Գրական Խմբակը կը կազմակերպէ նաեւ ասմունքի եւ գրական / երաժշտական երեկոներ:

Գրական երիտասարդական խմբակը ստեղծուեցաւ է 2011ին, նպատակ ունենալով երիտասարդներուն համար առիթ ստեղծել փնտռտուքներ կատարելու եւ ներկայացնելու իրենց նախասիրած գրագէտը, այսպէս պահպանելով մեր գրականութիւնը երիտասարդ սերունդին մէջ:

Ցարդ, շուրջ 40 ներկայացում եղած են 20 երիտասարդնեդու կողմէ, որոնցմէ ոմանք դարձած են Գրական խմբակի գործունեայ անդամներ: Հերթական հանդիպումներու ընթացքին, անհատական եւ խմբային ներկայացումներ կը կատարուին, ինչպէս նաեւ քննարկումներ՝ հեղինակի մը մասին կամ թեմաներու շուրջ, ինչպէս՝ կին հեղինակները, Ցեղասպանութեան տարիներու գրագէտները, սէրը գրականութեան մէջ, եւ այլն:

Hamazkayin Klatsor chapter has four scholarships for post-secondary education:

• «Kaloust Babian» Language & Literature Scholarship
• «Souren Chekijian» Media & Visual Arts Scholarship
• «Serj Saroyan» Education Scholarship
• «Edik Hovsepian» Performing Arts Scholarship

To be eligible Students must have completed at least three semesters at a post-secondary educational institution. Generally, a semester GPA of 3.5 is required to be eligible for one of these scholarships.

You can download the application by emailing [email protected]. Application deadline is July 31st, 2020.

Քաջալերելու համար կերպարուեստը, իւրաքանչիւր շաբաթ առաւօտ, տեղի կ’ունենան պատանիներու եւ չափահասներու աշխատանոցներ: Պատանեկան աշխատանոցը (6 տարեկանէն սկսեալ) կը վարէ Նաթալի Սերայտարեանը իսկ չափահասներու աշխատանոցը` Սիրակ Մելքոնեանը:

Աշխատանոցներուն կը մասնակցին աւելի քան 50 աշակերտներ: Տարեկան ցուցահանդէսի ընթացքին, մասնակիցները կը ցուցադրեն իրենց աշխատանքը Համազգայինի «Յ. Մանուկեան» գրադարանին մէջ:

Ցուցահանդէսներ նաեւ կը կազմակերպուին «Արշիլ Կորքի» սթիւտիոյի կողմէ` ուր կը ցուցադրուին տեղացի տաղանդաւոր նկարիչներու եւ քանդակագործներու գործերը, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն, Արցախէն եւ աշխարհի տարբեր մասերէն արուեստագէտներու ստեղծագործութիւնները: Ցարդ, աւելի քան 80 անհատական եւ խմբային ցուցահանդէսներ տեղի ունեցած են: